2016-12-08 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Մարիամի Այոն` բացաւ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ճանապարհը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Սուրբ Կոյսի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց  խորհրդածութիւն մը ներշնչուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումներէն  քաղուած Ծննդոց գիրքէն եւ Ղուկասի Աւետարանէն։

Մեկնաբանելով Ադամ եւ Եւայի մեղքը Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ այդ եղաւ Մարդուն Ոչ-ը ուղղուած Աստուծոյ։ Մարդը նախընտրեց հայեացքը սեւեռել այլուր, ինքն իրմով բաւարարուելով ու ինքզինքը կորսնցնելով­ մեղքին մէջ։  Տէրը սակայն մարդը չի թողուց չարին տարուբերումներուն մէջ ու զայն  փնտռեց հարց տալով թէ'' ի՞նչ ըրաւ''. Հօր մը եւ մօր մը համբերութեամբ ու մօտեցումով։

Մինչ Ղուկասի Աւետարանին մէջ անդրադարձ կը կատարուի մարդու պատմութեան այլ կարեւոր դէպքի մասին, որ է Այո-ի պատմութիւնը. Այոն զոր Մարիամը արտասանեց Աւետումի ընթացքին։ Այդ այոյով սկիզբ տրուեցաւ Յիսուսի ուղեւորութեան մարդոց միջեւ. Մարդանալով ու մեր կերպարանքը առնելով Մարիամի արգանդին մէջ, որ է Անարատ յղացեալ, զերծ սկզբնական մեղքէն, եւ լի շնորհքով (Ղուկ. 1,28)։

Մարիամը Աստուծոյ կոչին պատասխանեց ըսելով ''Ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես''։ Ան անվերապահ այո ըսաւ Աստուծոյ։ Եւ այնպէս ինչպէս սկզբնական ''ոչ'' ը մարդու դիմաց դէպի Աստուած տանող անցքը թակեց, Մարիամի այոն դէպի Աստուած տանող ճանապարհը բացաւ։ Այդ այոն պատմութեան կարեւորագոյն այոն է, խոնարհ այո մը որ տապալեց ամբարտաւան սկզբնական ոչը. Այո մը որ բուժեց անհնազանդութեան վէրքը։

Մեզի համար եւա կայ փրկութեան պատմութիւն մը որուն առանցքը կը կազմեն այոն ու ոչը ուղղուած Աստուծոյ։ Յաճախ սակայն ունինք նաեւ կիսատ ըսուած այոներ, խուսափելու համար Աստուծոյ մեր խղճին խօսող հրահանգներէն։

Այսպէս ընելով սակայն մենք բարիին առջեւ դռները կը փակենք ու չարը կը շահագործէ այս իրավիճակը։

Մինչ ամէն լիակատար այո ուղղուած Աստծոյ, սկիզբ կու տայ նոր պատմութեան մը` փրկութեան պատմութիւն մը մեզի եւ ուրիշներու համար, յարեց Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին ու հրաւիրեց յիսնակաց այս շրջանի ընթացքին սորվիլ` Մարիամի նման  ''այո'' ըսել Աստուծոյ ու կրկնել ''կը հաւատամ, կը յուսամ ու կը սիրեմ Քեզ. Թող ըլլայ քու կամքդ''։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, նախ յիշեց Ինդոնեզիայի Սումաթրա քաղաքը հարուածող երկրաշարժը, իր աղօթքը ապահովեցնելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք տնանկ մնացին, ապա հայցեց Աստուծոյ օգնութիւնը որպէսզի ուժ պարգեւէ բնակչութեան ու թիկունք կանգնի շտապ օգնութիւն մատուցողներուն։Նորին Սրբութիւնը ապա բոլոր հաւատացեալները հրաւիրեց որ հոգեպէս միանան իրեն, այսօր յետմիջօրէին` Հռոմի ''Բիացա Տէ Սպանիա'' հրապարակի վրայ կատակելիք Անարատ Յղութեան ջերմեռանդական մեծարանքի արարողութեան, ապա բոլորին մաղթեց Յիսնակացի բարի երթ, ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.